Միացեալ Նահանգներու Սան Ֆրանսիսքոյի համայնքը տխուր կորուստ մը ունեցած է։ Իր մահկանացուն կնքած է Արեւմտեան Ամերիկայի ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքի նուիրեալ պատասխանատուներէն՝ Ժիրայր Սարգիսեան։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ համացանց։
Կը նշուի նաեւ, որ ագզային, միութենական վաստակաւոր գործիչը հաւատաւոր դաշնակցական էր։ Հանգուցեալը երկար տարիներ եղած է Սան Ֆրանսիսքոյի Հ.Մ.Ը.Մ.ի մասնաճիւղի ատենապետ։ : Ան նաեւ երկար տարիներ եղած է տեղի եկեղեցւոյ, հայկական դպրոցի եւ համայնքային բազմաթիւ այլ նախաձեռնութիւններու :
Եղած է նաեւ Սան Ֆրանսիսքոյի ՀՅԴ «Քրիստափոր» Կոմիտէութեան անդամ եւ բազմիցս ծառայած որպէս կոմիտէի ատենապետ:
Հանգուցեալի բարերարութիւնը հասած է Լոս Անճելըս, ինչպէս նաեւ Հայաստան , Արցախ եւ Լիբանան։
Նշենք նաեւ, որ այս տխուր կորուստին առթիւ Ամերիկայի ՀՅԴ մարմիններ ցաւակցական գիրով հանդէս եկած են։