image

Ոչ եւս է գրող, կրթական մշակ՝ Շուշիկ Տասնապետեան

Ոչ եւս է գրող, կրթական մշակ՝ Շուշիկ Տասնապետեան

Պէյրութի մէջ յետ կարճատեւ հիւանդութեան մահացած է լիբանանահայ գրող, բանաստեղծ եւ կրթական մշակ՝ Շուշիկ Տասնապետեան 

Վերջին տարիներուն ծանր հիւանդութեամբ տառապած Տասնապետեան ծնած էր Պէյրութի մէջ։

Ան կը համարուի Սփիւռքի արդի բանաստեղծութեան վառ դէմքերէն մին։

Երկար տարիներ զբաղած է ուսուցչութեամբ, միաժամանակ դասաւանդելով Համազգայինի Ճեմարանին եւ Հայագիտական Հիմնարկին մէջ։

Ինչպէս Սփիւռքի, նոյնպէս ալ Հայաստանի մէջ Տասնապետեան աշխուժ մասնակցութիւն բերած է գրական կեանքին։

Անդամ էր Հայաստանի Գրողներու Միութեան,  սերտ համագործակցութիւն ծաւալած է մասնաւորապէս Հրանդ Մատթէոսեանի, Լեւոն Անանեանի, Սամուէլ Մկրտիչեանի (երեքն ալ հանգուցեալ) եւ Աբգար Ափինեանի հետ, որուն հետ ալ կարեւոր ներդրում ունեցած է «Նոր Դար» ամսագրի հրապարակման եւ տարածման գործին առընթեր։ 

Շուշիկ Տասնապետեանի գրական ժառանգութեան մաս կը կազմեն բանաստեղծական բազում հատորներ եւ անոր բանաստեղծութիւնները լոյս տեսած են հայաստանեան եւ սփիւռքեան բազում հանդէսներու մէջ։

Հայ անմահանուն բանաստեղծ՝ Եղիշէ Չարենցի հանդէպ վառ սէր ունեցող Շուշիկ Տասնապեանի համար մշտամնայ կիզակէտ էր Հայաստան աշխարհը, ու անոր ստեղծագործութեան տողերուն ներքոյ երեւելի կը դառնային «Երկիր Նայիրի»ի հանդէպ յաւերժական սէրն ու անկասելի գորովը։

Նշենք նաեւ, որ Տասնապետեան դուստրն էր ՀՅԴ հանրայայտ գործիչ Հրաչ Տասնապետեանի, որուն իտէալներով ալ ապրեցաւ, ստեղծագործեց: 

Շուշիկ Տասնապետեանի կորուստով կարեւոր էջ մը կը փակուի Սփիւռքի արդիաշունչ բանաստեղծութեան տարեգրութեան մէջ։ 

Յարգանք իր յիշատակին։