Շուշիկ Տասնապետեան կը դասուի ներկայացուցիչներէն մէկը սփիւռքահայ գրականութեան այն սերունդին, որ կրցած է գործնական կապեր հաստատել հայրենի մտաւորականութեան հետ, եւ այդ սերտ գործակցութիւնը, բնականաբար, իր դրական արձագանգը ձգեց մեր մշակութային ու գրական աշխարհին վրայ:
Այսօր, փաստօրէն, սփիւռքի մէջ տագնապ կայ հայ մտաւորականի, գրագէտի, լեզուաբանի, ուսուցիչի եւ դաստիարակի: Շուշիկ Տասնապետեանի մահով բնականաբար այդ շղթային մէկը օղակը կորսնցուցած կը զգանք:
Քառասուն օրեր առաջ մեզմէ առյաւէտ հեռացաւ լիբանանահայ բանաստեղծ եւ գրականագէտ Շուշիկ Տասնապետեանը:
Լիբանանահայ իրականութեան մէջ իր յատուկ դրոշմը ունի ան: Արդարեւ, եղած է Համազգայինի Հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկին մէջ Հայ գրականութեան եւ բաղդատական գրականութեան դասախօս, Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանին մէջ երկրորդական կարգերու գրականութեան ուսուցիչ, «Բագին»-ի մնայուն աշխատակից, սփիւռքի եւ Հայաստանի զանազան գրական պարբերաթերթերու մէջ բանաստեղծական ու ուսումնասիրական յօդուածներ ստորագրող:
Շուշիկ Տասնապետեան Հայաստանի գրողներու միութեան անդամ էր, ինչպէս նաեւ սփիւռքի զանազան գաղութներու մէջ մտաւորականներու հետ մնայուն սերտ կապեր ունեցող անձնաւորութիւն, աւելի՛ն, սփիւռքահայ գրական կեանքին մէջ մեծ վաստակի տէր: Հրատարակած է բազմաթիւ հատորներ: Բանաստեղծութիւնը եղած է անոր նախընտրած գրելաոճը:
Շուշիկ Տասնապետեան կը դասուի ներկայացուցիչներէն մէկը սփիւռքահայ գրականութեան այն սերունդին, որ կրցած է գործնական կապեր հաստատել հայրենի մտաւորականութեան հետ, եւ այդ սերտ գործակցութիւնը, բնականաբար, իր դրական արձագանգը ձգեց մեր մշակութային ու գրական աշխարհին վրայ:
Այսօր, փաստօրէն, սփիւռքի մէջ տագնապ կայ հայ մտաւորականի, գրագէտի, լեզուաբանի, ուսուցիչի եւ դաստիարակի: Շուշիկ Տասնապետեանի մահով բնականաբար այդ շղթային մէկը օղակը կորսնցուցած կը զգանք:
Փաստօրէն, մեր նիւթականացած, մակերեսային եւ համաշխարհային վազքին մէջ Շուշիկ Տասնապետեանին նման գրական, գեղարուեստական եւ ոգեղէն հայ գրականութեան հաւատացող, գործող եւ պրպտող միտք շատ չենք ունեցած:
Յարգա՛նք իր յիշատակին:
Յակոբ Լատոյեան
«Ազդակ»