Երուսաղէմի մէջ իր մահկանացուն կնքած է Սուրբ Տեղեաց Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան, ՀԵՄ-ի ժրաջան անդամներէն ՝ Վարդան Գահգէճեանը։
Այս մասին վերահասու դարձանք Երուսաղէմի ՀԵՄ-ի պաշտօնական էջէն, ուրկէ մասնաւորապէս կը կարդանք՝
Հայ Երիտասարդաց Միութեան վարչութիւնը եւ Ռամկավար Ազատական Կուսկացութիւնը խոր ցաւով կը գուժեն մահը ընկեր Վարդան Գահգէճեանի, որ տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 12 Յունուար, 2022-ին:
Ընկեր Վարդան եղած է միութեանս վարչական անդամ եւ փոխ-ատենապետ, ան 2019-ին արժանացած է միութեանս նուիրեալ անդամ տիտղոսին։
Ընկեր Վարդան երկար տարիներ ծառայած է ՀԵՄ-ին, եւ երբեք չէ մերժած վարչութեան խնդրանքներուն: Սիրայօժար կերպով միշտ օգտակար եղած է միութեանս բոլոր գործերուն։
ՀԵՄ-ի եւ ՌԱԿ-ի Վարչութիւնները իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտեն ընկեր Վարդանի հարազատներուն, կնոջը ընկերուհի Սիլվա եւ զաւակին, վարչական անդամ՝ ընկեր Գէորգ Գահգէճեանին եւ միւս ընտանեկան պարագաներուն։
Յուղարկաւորութիւնը տեղի պիտի ունենացաւ 13 Յունուար, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին Սուրբ Փրկիչ Եկեղեցւոյ մէջ, որմէ ետք ալ հոգեսուրճ մատակարարուեցաւ ՀԵՄ-ի Թէքէեան սրահին մէջ։
Թող Աստուած Հոգին լուսաւորէ։