image

Ո՞ւր է Մեր Յոյսը. Տ. Խորէն քհնյ. Պէրթիզլեան

Ո՞ւր է Մեր Յոյսը. Տ. Խորէն քհնյ. Պէրթիզլեան

Յոյսով կը սպասենք Տիրոջ խոստումին կատարումը։ Յոյսով համոզուած ենք թէ Տիրոջ ժամկէտն է յարմարը։

Յոյսի շող մը ոսկի առիթ է բարին ակնկալելու։

Յոյսի կաթիլ մը օրհնաբեր միջոց է լաւատեսութիւն ունենալու։

Յոյսի զգացումը մղիչ ուժ է պայքարելու։

Մկրտարանէն յոյսը նուէր ստացանք։

Մեծ եղեռնէն Վերապրող մեր պապերէն յոյսով տոկալ սորվեցանք։

Խաչին ճամբով Յայութեան Կիրակիով պայծառացանք։

Այժմ ցաւ կայ անասելի, պոռթկում խիղճի, սուգ` դժուար տանելի եւ ողբերգութիւն աննկարագրելի։ Բայց անխախտ յոյսով կարելի է ապրիլ եւ գոյապայքարի զինուոր կոչուիլ։

Հիմա խորատխուր հոգեվիճակ կայ անբաղձալի, սեւ պատկերներ ափսոսալի, վնասներ անմոռանալի։ Բայց յոյսին ներգործող զօրութեամբ տկարութիւնն է մերժելի եւ Տիրոջ վստահութիւն ցուցաբերելն է անյետաձգելի։

Յոյսը գարունն է կեանքին, տրոփող սիրտն է հաւատքին, զարկերակն է կամքին, պատուաստն է հոգիին, ուժականութիւնն է ձգտումին եւ ծաղկազարդն է մեր երթին։

Անյոյս եղողը կը բանտարկէ սրտագին փափաքները, կը սահմանափակէ հնարաւորութիւնները, եւ տխուր վերջաբանով աւարտին կը հասցընէ կեանքին մատեանը։

Անյոյսին եռանդը մահամերձ վիճակ կ`ունենայ, մեղքէն հրաժարելու անզօր կը դառնայ, Տիրոջ խոստումը կը մոռնայ եւ ելքի ուղիէն կամովին կը հեռանայ։

Յոյսը կեանքը գեղեցկացնող հոգեւոր արուեստն է, տառապանքին բեռը թեթեւցնող շտապ օգնութիւնն է, տրտմութիւնը փարատող բուժիչ առաքինութիւնն է։

Մեր օրերուն միայն դառնահամ կեանքի մասին կայ անդրադարձ, յոյսի աղբիւրը կը պատկերացուի ցամքած, բայց Աստուծոյ խնամքն է մեր աչքերուն առջեւ պարզուած, ուստի յոյսի բանալին ունենալու ենք անկասկած։

Մեր օրերուն երջանկութիւնն է պակսած, բարելաւման ճիգերն են որոշ չափով սպառած, կայ տագնապալի կացութիւն համատարած, բայց յոյսով ապրողին ներաշխարհն է օրհնուած։

Յոյսով ապրողը, ծովէն անդին` հեռադիտակով կը տեսնէ ծովեզերքը խաղաղ, այդպիսին կ`ըլլայ իր շրջապատին մէջ լոյս ու աղ, իր վարք ու բարքով կը հանդիսանայ շնորհքներու ծաղկաքաղ։

Անյոյսը կը քանդէ իր գալիքը, ոտնակոխ կ`ընէ ապրելու իրաւունքը։ Անդամալոյծ է անյոյսը, կը մնայ վատառողջ, կը դատապարտուի բարոյական մահուան եւ գարշահոտ ճահիճի կը վերածուի անվարան։

Երբ անյոյս ենք, կը նշանակէ մեր գոյապայքարի ուխտը կը դրժենք։ Երբ անյոյս ենք,  մեր կեանքին մէջ խաբկանքներուն ընդարձակ տեղ կը վերապահենք։

Յոյսը սրինգ է խաղաղարար, մեղեդի է առողջարար, քաղցրաձայն կանչ է բժշկարար եւ յաղթաբեր ակիւնադարձի ուղեցոյց է բարերար։

Յոյսին սլաքի ուղղութիւնն է դէպի բարին, յոյսին սլացքն է դէպի երկինք, յոյսի աղբիւրն է զԱստուած եւ անոր անխարդախ սնուցիչն է աղօթքը երկիւղած։

Յոյսով կը սպասենք Տիրոջ խոստումին կատարումը։ Յոյսով համոզուած ենք թէ Տիրոջ ժամկէտն է յարմարը։

Յոյսը մշտավառ է երբ հաւատքն է հաստատուն, յոյսը լուսաշող է երբ հաւատքն է սիրով օծուն։

Ի վերջոյ, երբ յոյսն է մեր ողջ էութեան մէջ ներկայ, մեր ներկայութիւնը կը դառնայ շինիչ, խօսքը խրախուսիչ եւ գործը լուսաւորիչ։

 

 

Խորէն. Քհնյ. Պէրթիզլեան

Տ. Խորէն  քհնյ. Պէրթիզլեան

Տ. Խորէն քհնյ. Պէրթիզլեան

Ծնած է Հալէպ 1982ին։ Յաճախած է Ազգային Մեսրոպ...