Սպանիոյ մէջ ուժի մէջ մտած նոր ընթացակարգի համաձայն՝ Հայաստանը յայտնուած է համաճարակաբանական տեսանկիւնէն ոչ-ապահով երկիրներու ցանկին մէջ։
Այսուհետեւ զբօսաշրջային նպատակով Սպանիա ժամանող ՀՀ քաղաքացիները պարտաւոր են ներկայացնել պատուաստուած ըլլալու փաստաթուղթ, ընդ որում՝ պատուաստանիւթը պէտք է գրանցուած ըլլայ Սպանիոյ Առողջապահութեան նախարարութեան կողմէ (Pfizer-BioNTech, Moderna, Astra-Zeneca, Janssen/Johnson&Johnson, Sinovac y Sinopharm)։
Բացառիկ պարագաներու, ՀՀ քաղաքացիներու մուտքը կարելի թոյլատրուիլ նաև PCR-ի բացասական արդիւնք ներկայացնելով, սակայն այս պարագային անհրաժեշտ է նախքան ճամբորդելը թոյլտուութիւն ստանալ Ռուսիոյ մէջ Սպանիոյ դեսպանութեան հիւպատոսական բաժնին կողմէ։