Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու խօսած է ռուս-ուքրանական հակամարտութենէն եւ որոշ մանրամասնութիւններ յայտնած է:
Չաւուշօղլու նշած է, որ կողմերը համաձայնութեան եկած են Ռուսաստանի կողմէ առաջադրուած 6 կէտի առաջին կէտերու շուրջ:
«Կարեւոր թեմաներու մէջ երկու կողմերու դիրքորոշումներուն մէջ համաձայնութիւններ կան: Սակայն որոշ կէտեր պէտք է երկրի ղեկավարներուն կողմէ համաձայնութիւն ստանան: Եթէ կողմերը ներկայիս իրենց դիրքորոշումներէն ետքայլ չընեն, ապա զինադադարի համար յոյսեր ունինք: Եթէ կողմերը համաձայնութեան գան, Զելենսքիի եւ Փութինի հանդիպումը հնարաւոր է», նշած է Չաւուշօղլուն:
Նշենք, որ Չաւուշօղլուի նշած 6 կէտերուն մասին աւելի վաղ յայտնած էր Թուրքիոյ նախագահի խօսնակ Իպրահիմ Քալընը:
Ըստ անոր՝ 6 կէտերն են.
1. Ուքրանիան կը հրաժարի ՆԱԹՕ-ին անդամակցելէ եւ կը դառնայ անկողմնակալ
2. Կը զինաթափուի եւ փոխադարձ անվտանգութեան երաշխիքներ կը ստանայ
3. Ուքրանիան կը հրաժար նացիզմէն
4. Ուքրանիոյ մէջ կը հանուին ռուսերէնի օգտագործման սահմանափակումները
5. Տոնպասի կարգավիճակը
6. Խրիմի կարգավիճակը