image

«Ո՛չ Արցախի ցեղային զտման» շարժումին միացած են Արցախի նախկին նախագահները

«Ո՛չ Արցախի ցեղային զտման» շարժումին միացած են Արցախի նախկին նախագահները

Արցախի նախկին նախագահներ Արկադի Ղուկասեան եւ Բակօ Սահակեան 8 մայիսին Ստեփանակերտի մէջ միացած են «Ո՛Չ Արցախի ցեղային զտման» երիտասարդական շարժման նախաձեռնած պահանջագիրի ստորագրահաւաքին: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ո՛Չ Արցախի ցեղային զտման» պահանջագիրի եւ ստորագրահաւաքի նախաձեռնող խումբը:

Յիշեցնենք, որ ստորագրահաւաքին 30 ապրիլին միացած է նաեւ Արցախի Հանրապետութեան գործող նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան: