image

Վիտալի Բալասանեան ռուս խաղաղապահներէն պահանջած է արգիլել ատրպէյճանցի լրագրողներու մուտքը

Վիտալի Բալասանեան ռուս խաղաղապահներէն պահանջած է արգիլել ատրպէյճանցի լրագրողներու մուտքը

Արցախի Հանրապետութեան Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Վիտալի Բալասանեան դիմած է Հանրապետութեան մէջ տեղակայուած ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարին եւ պահանջած է արգիլել խաղաղապահ զօրակազմի պատասխանատւութեան գօտիին մէջ, առանց Արցախի Հանրապետութեան Անվտանգութեան խորհուրդի եւ խաղաղապահ զօրակազմի համաձայնութեան, ատրպէյճանցի եւ այլ երկիրներու զանգուածային լրատուական միջոցներու մուտքը։

Այս մասին յայտնած են Արցախի Արցախի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարութեան գրասենեակէն։

Յիշեցնենք, որ ատրպէյճանական «Հաքքին.ազ» լրատուամիջոցի խմբագիրը ռուս սահմանպահներու ուղեկցութեամբ այցելած է Բերձոր, Աղաւնօ, ներակայացած է որպէս միջազգային կազմակերպութեան ներկայացուցիչ ու զրուցած Աղաւնոյի գիւղապետի, այնտեղ գտնուող հայաստանցիներու հետ։