image
Հրատապ լուրեր:

Վիրահայ պատգամաւորը ինքնաշարժի արկած անցուցած է

Վիրահայ պատգամաւորը ինքնաշարժի արկած անցուցած է

21 Յունուարին Նինոծմինդա-Ծալքա ճանապարհին վթարի ենթարկուած է Ախալքալաք Նինոծմինդա մեծամասնական ընտրատարածքի պատգամաւոր, «Վրացական երազանք» կուսակցութեան անդամ Սամուէլ Մանուկեանը։

Ան վիրահատուած է Թիֆլիսի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ: ծանօթներու խօսքով, անոր կեանքին վտանգ չի սպառնար, կը հաղորդէ Jnews-ը։

Սամուէլ Մանուկեանը 21 յունուարին առանձին երթեւեկած է Թիֆլիս-Ծալքա ճանապարհով, անհասկնալի պատճառներով կորսնցուցած է կառավարումը, դուրս եկած է ճանապարհէն եւ բախած քարերուն։ Սամուէլ Մանուկեան շտապօգնութեան մեքենայով տեղափոխուած է Թիֆլիսի հիւանդանոց։ Հետազօտութենէն ետք անոր սկսած են վիրահատել։