Իսրայէլ հերթական անգամ ոտնակոխ ընելով միջազգային բոլոր կանոնները հարուածներ տուած է Սուրիոյ։
Այս մասին իմացանք Sky News Arabia կայանէն։
Աղբիւրը նաեւ նշեց, որ Լիբանանեան կողմէն Իսարյէլի նետած հրթիռները ինկած են մայրաքաղաք Դամասկոսի, ինչպէս նաեւ Հոմսի շուրջ։
Իր կարգին Սուրիոյ «Սանա» գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Սուրիոյ ՀՕՊ-երը աշխատած եւ վար առած են իսրայէլեան հրթիռները։
Զոհերու կամ տուժածներու մասին տեղեկութիւններ չեն հաղորդուիր։
Կը նշուի նաեւ, որ իսրայէլեան կործանիչներուն աղմուկը մեծ ցնցում առաջացուցած է Պէյրութի մէջ։