Օրերս ազգային-եկեղեցական հանգամանաւոր ներկայութեամբ տեղի ունեցած է վերջին օծման, յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւն նորօք վախճանեալ Գերշ. Տ. Եփրեմ արք. Թապագեանին։
Այս մասին կը կարդանք ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի դիմատետրի պաշտօնական էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝
Օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի, Չորեքշաբթի, 1 Փետրուար 2023-ի երեկոյեան, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ երիցագոյն Միաբաններէն, Արեւմտեան Թեմի վաստակաւոր նախկին Առաջնորդ՝ Տ. Եփրեմ Արք. Թապագեանի (1941-2023) թաղման եկեղեցւոյ կարգն ու վերջին օծումը:
Այս առիթով Ս. Պատարագ մատոյց եւ վերջին օծման կարգին նախագահեց Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, աղօթակից ունենալով Սրբազան Արքեպիսկոպոսներ, Վարդապետներ, Քահանաներ, Ազգ. եւ համայնքային ներկայացուցիչներ եւ հաւատացեալներու բազմութիւն մը:
Վախճանեալ Տ. Եփրեմ Արքեպիսկոպոսի թաղման տան կարգին նախագահեց Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Ս. Արք. Դանիէլեան, իսկ եկեղեցւոյ կարգին նախագահեց Գերշ. Տ. Բաբգէն Ս. Արք. Չարեան, որ եւ ընթերցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի՝ լուսահոգի Տ. Եփրեմ Արք. կեանքն ու ծառայութիւնը գնահատող ցաւակցագիրը:
Իր արտասանած պատգամին ընդմէջէն՝ Առաջնորդ Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան սրտառուչ զգացումներով խօսեցաւ վախճանեալ Սրբազանի անձին ու կեանքի հանգրուաններուն մասին, զայն բնութագրելով իբրեւ ամենահամարձակ արտայայտուող, քաջ ու անվեհեր, տոկուն ու աներեր, մշակութասէր ու ազգի հարցերով տագնապող եկեղեցական, որ 1977էն 1985՝ որպէս Արեւմտեան Թեմի երկրորդ Առաջնորդ, ձեռնհասօրէն վարեց ազգային եկեղեցական ղեկավարի պաշտօնը:
Թորգոմ Եպիսկոպոս նաեւ արտայայտուեցաւ Արեւմտեան Թեմի՝ որպէս ինքնուրոյն միաւոր գործունէութեան յիսուն տարիներու պատմութեան ու, յառա՜ջ Աստուած, գալիք արշալոյսներու մասին՝ շեշտելով, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հայրապետական Աթոռը իր Վեհափառ Կաթողիկոսով, Սրբազան ու Վարդապետ Միաբաններով, Քահանայ հայրերով, աշխարհական ժողովականներով ու նուիրեալներով հաւատքի առաքելութիւնն է, որ կը մարմնաւորէ՝ յատկապէս ազգի սփիւռքացած ածուներուն մէջ եւ Հայրապետական հռչակագրին ի լուր՝ ներքին վերաշխուժացման ճամբով Սփիւռքը կը հռչակէ ամէնուժեղ, անհաւասարելի եւ ամենավստահելի կռուանը Հայաստան եւ Արցախ աշխարհաց մշտնջենաւորութեանց, Յաւիտենականին միջնորդութեամբ:
Յընթացս Սրբազան արարողութեան, Հոգեւոր հայրեր յարգանքով մերձեցան Տ. Եփրեմ Արքեպիսկոպոսին եւ համբուրիւ ողջոյն առին անոր միւռոնուած աջէն ու հետը ողջոյն յղեցին Կիլիկիան Ուխտի յաղթականներուն:
Յայտնենք, որ արարողութեանց ընթացքին Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեան ընթերցեց վախճանեալ Սրբազան Հօր կենսագրականը, մինչ Հինգշաբթի, 2 Փետրուար 2023-ի առաւօտեան ժամը 9:30-ին, Հոլիվուտի Ֆորեսթ Լոնի մէջ տեղի պիտի ունենայ անոր թաղման-գերեզմանի կարգը: