Միացեալ Նահանգները USS George H. W. Bush օդանաւակիրը աւելի մօտ ուղարկած է Սուրիոյ ափերուն՝ երկրին մէջ ամերիկեան կայաններու վրայ գրոհայիններու յարձակումներու լոյսին տակ։
Այս մասին ըսած է Փենթակոնի մամուլի քարտուղարի տեղակալ Սապրինա Սինկը․
«Մենք նկատած ենք Սուրիոյ մէջ մեր զօրքերու դէմ Իրանի Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու զօրագունդի խմբաւորումներու յարձակումներու աճ, եւ որպէս նախազգուշական միջոց, տեղափոխած ենք օդանաւակիրը քիչ մը աւելի մօտ ըլլալու համար։ Այդպէս վարուած ենք, քանի որ մենք ականատես եղանք տարածաշրջանին մէջ մեր զինուորականներու վրայ յարձակումներու թուի աճի»,- ըսած է ան: