Ջերմուկի մէջ պիտի տեղադրուի ռազմական եւ քաղաքական գործիչ, սպարապետ Վազգէն Սարգսեանի քանդակը, որ պիտի ըլլայ Շուշիի մէջ տեղադրուած քանդակին կրկնօրինակը՝ քանդակուած Լեւոն Թոքմաճեանի կողմէ:
Նախաձեռնութիւնը Ջերմուկ համայնքի ղեկավարի պաշտօնակատար Վահագն Արսէնեանինն է՝ Վազգէն Սարգսեանի ընտանիքին հետ պայմանաւորուածութեամբ ու համագործակցութեամբ։