image
Հրատապ լուրեր:

Վարդենիսի նորընտիր քաղաքապիտ երդման արարողութիւնը լարուած մթնոլորտի մէջ

Վարդենիսի նորընտիր քաղաքապիտ երդման արարողութիւնը լարուած մթնոլորտի մէջ

Վարդենիսի մէջ ոստիկանութեան աշխատակիցները չէին թոյլատրեր լրագրողներու մուտքը համայնքապետարանի շէնք: 

Լրագրողները կը ցանկային խօսիլ Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութեան թեկնածու, գործող համայնքապետ Արամ Մելքոնեանի հետ, որ կը գտնուէր համայնքապետարանի շէնքին մէջ:

Ոստիկանները նաեւ չթոյլատրեցին ընտրուած աւագանիի անդամներուն մուտքը համայնքապետարան, այդ պատճառով նորընտիր համայնքապետի երդման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ համայնքապետարանի բակին մէջ:

 «Սիրելի վարդենիսցիներ,  Վարդենիս համայնքի ղեկավարի ընտրութեան, ինչպէս նաեւ երդմնակալութեան  ընթացքին ստեղծուեցին բազմաթիւ արհեստական խոչընդոտներ, բայց ինչպէս տեսնում էք` մեր թիմն իր նպատակին հասնելու ընթացքում յաղթահարեց այդ խոչընդոտները, չընկրկեց ոչ մի դժուարութեան առաջ, վստահեցնում եմ ձեզ, որ աւելի նուիրումով ու ոգեւորութեամբ կեանքի ենք կոչելու բոլոր ծրագրերը, չենք կանգնելու ոչ մի դժուարութեան առաջ: Ծառայելու ենք մեր  հայրենիքի պաշտպանութեանը: Սիրելի ժողովուրդ, այս պահից սկսած ձեր բոլոր հոգսերն ու խնդիրները ես համարում եմ իմը: Վերականգնելու եմ հասարակական համերաշխութիւնը, Վարդենիս խոշորացուած համայնքի բնակիչներին չեմ բաժանելու գիւղաբնակների եւ քաղաքաբնակների եւ ամէն ինչ անելու եմ, որպէսզի տիրի համերաշխութիւնը, հասարակական համախմբուածութեան մթնոլորտ: Մեր համայնքը շէնացնելու ենք միասին», ըսաւ նորընտիր համայնքապետը:

Յիշեցնենք, որ Դեկտեմբեր 5-ին կայացած ՏԻՄ ընտրութիւններուն այս համայնքին մէջ «Քաղաքացիական պայմանագիր»-ը ստացաղ էր 13 մանտաթ, «Ահարոն Խաչատրեան» դաշինքը՝ 10, «Միասնական Վարդենիս»-ը՝ 4։ Ընդդիմադիր ուժերը ընտրութիւններէն ետք դաշինք կազմելու յուշագիր ստորագրած էին, եւ մանտաթներու քանակը արդէն բաւարար էր համայնքապետ ընտրելու համար։

Անկէ ետք «Միասնական Վարդենիս»-ի թիւ 1-ը, Վարդենիսի նախկին քաղաքապետ Արամ Յարութիւնեանին յարուցուած քրէական գործի շրջանակին մէջ մեղադրանք առաջադրուեցաւ եւ ան կալանաւորուեցաւ։

Դեկտեմբեր 30-ին տեղի ունեցած է աւագանիի անդրանիկ նիստը: Մինչեւ նիստը սկսելը ոստիկանութիւնը փորձած էր բերման ենթարկել աւագանիի ընդդիմադիր մէկ այլ անդամ՝ Ահարոն Խաչատրեանը, որ համայնքապետի ընդդիմադիր թեկնածուն է։ 3 ժամ անց ընդդիմութիւնը ի վերջոյ յաջողած էր նիստ հրաւիրել եւ համայնքապետ ընտրել Ահարոն Խաչատրեանը: ՔՊ-ականները նիստին չեն մասնակցած: