image
Հրատապ լուրեր:

Վանտալիզմ Հատրութի մէջ (Լուսանկար)

Վանտալիզմ Հատրութի  մէջ (Լուսանկար)

Արցախի Հանրապետութեան գրաւեալ տարածքներուն մէջ Ատրպէյճանը հետեւողականօրէն կը շարունակէ մշակութային արժէքներու եւ հայկական հետքերու ոչնչացման քաղաքականութիւնը:

2020-ի վերջաւորութենէն ի վեր Արցախի գրաւեալ տարածքներուն մէջ Ատրպէյճանի իրականցուցած մշակութային ցեղասպանութեան օրինակներուն աւելցած է նաեւ Հատրութի շրջանի Վանք գիւղի Սպիտակ Խաչ եկեղեցին:

«Ընկերային ցանցերու ատրպէյճանական տիրոյթին մէջ տարածուած տեսանիւթէն  պարզ կը դառնայ, որ ատրպէյճանցիները հանած են եկեղեցւոյ խաչը: Ատրպէյճանական կողմը վերանորոգման քօղի տակ բացի խաչէն քանդած է նաեւ եկեղեցւոյ տանիքը` այդ կերպ փորձելով ամբողջապէս վերացնել հայկական մշակութային հետքը եւ հերթական հայկական եկեղեցին ներկայացնել որպէս «ուտիական»:

Նշուածին ապացոյցն է նաեւ այն, որ 2021-ի Նոյեմբերի սկիզբը Ատրպէյճանը կազմակերպած էր իր ուտիական համայնքի հոգեւոր ներկայացուցիչներուն այցը տուեալ եկեղեցի: Այցի ընթացքին եկեղեցին ներկայացուած էր իբրեւ «աղուանա-ուտիական մշակութային յուշարձան», ինչը որեւէ աղերս չունի իրականութեան հետ:

Վանքի հիմնադրման ստոյգ թուականը յայտնի չէ: Ամենավաղ արձանագրութիւնը կը թուագրուի 14-րդ դար, (1333թ):