image

Վանաձորի նորընտիր աւագանիի անդրանիկ նիստը տեղի չունեցաւ

Վանաձորի նորընտիր աւագանիի անդրանիկ նիստը տեղի չունեցաւ

Այսօր՝ Դեկտեմբեր 24-ին նախատեսուած էր Վանաձորի նորընտիր աւագանիի անդրանիկ նիստը, սակայն այն չկայացաւ:

Նախ, Համայնքի աշխատակազմի քարտուղարի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Դաւիթ Յակոբեանը ընթերցեց վերաքննիչ վարչական դատարանի որոշումը, որ «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութեան հայցի հիման վրայ միջանկեալ միջոց կիրառած էր, որով կ'արգիլուի Վանաձորի աւագանիին այս ընթացքին աւագանիի նիստ հրաւիրել համայնքապետ ընտրելու օրակարգով: 

Բացի այդ, պարզուեցաւ, որ աւագանիի 33 անդամէն նիստին ներկայացած էր 16-ը, ինչ որ կը նշանակէ, որ նիստը իրաւազօր չէ:

Նշենք, որ երկու օր առաջ բաշխած են Վանաձոր խոշորացուած համայնքի նորընտիր աւագանիի 33 անդամներուն մանտաթները։