image

Հերոս իշխան Վահրամ Պահլաւունին. Գրեց՝ Յակոբ Չոլաքեան

Հերոս իշխան Վահրամ  Պահլաւունին. Գրեց՝ Յակոբ Չոլաքեան

Բնիկ քեսապցի  մտաւորական ՝ Յակոբ Չոլաքեան կը գրէ՝

Վերջերս, ճիշդ յիսուն տարի ետք, կրկին բախտը ունեցայ այցելելու Մարմաշէնի վահրամաշէն եկեղեցին ու խոնարհելու մեծ հայուն ՝ Վահրամ Պահլաւունիի (965-1046) գերեզմանին առջեւ։

Վահրամ Պահլաւունին եղած է Բագրատունեաց արքունիքի իշխանաց իշխան, ապա հայոց սպարապետ (1021-1045), որ յանուն հայոց պետականութեան պահպանման՝ չորս պատերազմ մղած է հայոց պետականութեան դէմ ծառացած բիւզանդացիներու դէմ եւ ճնշած հայ նախարարներու կեդրոնախոյս նկրտումները։ Սակայն Անին Վեստ Սարգիսի եւ Կաթողիկոսի ձեռամբ առանց զէնքի յանձնուեցաւ Բիւզանդիոնի։ Այսպէս ինկաւ Անին, ինկաւ հայ պետականութեան ամրոցը։

Վահրամ Պահլաւունի կը շարունակէ զէն ի ձեռին պաշտպանել իր ժողովուրդը ու Դուինի ամիրայութեան դէմ մղած իր կռուին մէջ կը նահատակուի 80 տարեկանին։

Յանուն Հայոց պետականութեան եւ հայրենի ժողովուրդի պահպանութեան մղած իր կռիւներով այսօր ալ մեզի օրինակ է ան եւ եւ իզուր չէ, որ բոլորովին վերջերս մեծ հայրենասէրին շքեղ արձանը, իր կառուցած Մարմաշէնի եկեղեցւոյ մանրակերտով, կը տեղադրուի Վահրամաբերդ գիւղին մէջ, Շիրակ։