Որեւէ բռնութիւն, ապօրինի քայլ, հրահրում իրաւապահ համակարգի կողմէ անհանդուրժելի պիտի ըլլայ։ Երեւանի մուտքի մօտ լրագրողներու հետ զրոյցին այս մասին ըսած է Տաւուշի թեմի առաջնորդ Բագրատ արքեպիսկոպոս Գալստանեանը՝ պատասխանելով իրաւապահ համակարգի`առաւօտուընէ տարածուող յայտարարութիւններուն։
«Ձեզ օրէնքի սահմաններում կը պահէք։ Որեւէ բռնութիւն չէք կիրառելու, անօրինական որեւէ գործողութիւն չէք անելու ձեր իսկ ժողովրդի նկատմամբ։ Ես առաջինն եմ կանգնած լինելու այդ շարքում, ինչպէս որ դեռ Կիրանցում եմ ասել այն գիշերուայ սադրանքի հետեւանքով տեղի ունեցած դէպքի պատճառով. մենք կանգնելու ենք ձեր դիմաց, էս ժողովուրդն անտէր չի, սարսափեցրել էք, անզօրութեան զգացում էք փոխանցել, հիմա ոտքի է կանգնել, իր իրաւունքներն է պահանջում, իր արժանապատւութիւնն է պահանջում եւ ձեզ համար է պահանջում, յարգելի իրաւապահներ»,-ըսած է սրբազանը։
Ան իր խօսքն ուղղած է ներքին գործոց նախարար Վահէ Ղազարեանին՝ յիշեցնելով, որ ժամանակին միասին աղ ու հաց կիսած են։ Շեշտած՝ իրաւապահներու կողմէ թոյլ տրուած որեւէ անօրինական գործողութեան անմիջական պատասխանատուն պիտի ըլլայ ինքը՝ Վահէ Ղազարեանն ու իր անմիջական ղեկավարը։
Ան դիմած է նաեւ միւս իջեւանցիներուն՝ շեշտելով` «բաւական է»։
Սրբազանը աւելցուցած է` իրաւապահներն ալ ունին նոյն մտահոգութիւնները, պարզապէս պատերու տակ կը խօսին։
«Շատ խիստ եմ ասում՝ եթէ սա ձեզ համար կեանքի ու մահուան պատերազմ է ձեր ժողովրդի դիմաց, մեզ համար հաշդութեան, խաղաղութեան, արժանապատւութեան, հայրենիքի եւ պատուի շարժ, երթ–պայքար է։ Ցաւօք, դարձել է ներքին պայքար, սա պէտք է լինէր արտաքին թշնամու դէմ»,-ըսած է սրբազանը։
Պատասխանելով լրագրողներու հարցերին, թէ ինչու համար այսօր կ՚երթան Հանրապետութեան հրապարակ, Տաւուշի թեմի առաջնորդը նշած է՝ պատասխան ունին ստանալու։
«Մենք պատասխան ունենք ստանալիք, էս ժողովուրդն ինքնաբուխ դուրս է եկել»,-ըսած է Բագրատ սրբազանը` շեշտելով՝ թող իրաւապահ համակարգը յոխորտայ թշնամիի վրայ, այլ ոչ թէ սեփական ժողովուրդի, որովհետեւ այս մարդիկ ոտքի կանգնած են նաեւ հէնց անոնց ազատագրելու։
Յիշեցնենք` Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանազատման հարցերով յանձնաժողովներն ապրիլ 19-ին պայմանաւորուած են սահմանազատումը սկսիլ Տաւուշի մարզէն։