Միացեալ Նահանգներու մէջ երդուեալ ատենակալներու դատարանը դեմոկրատ ծերակուտական Ռոպերթ Մենենտեսը մեղաւոր ճանչցած է 16 յօդուածով, ներառեալ` փտածութիւն, Եգիպտոսի եւ Քաթարի շահերու լոպպինկը որպէս օտարերկրեայ գործակալ։
Այս մասին հաղորդած է CNN-ը։
Նշուած է, որ Մենենտես նաեւ մեղաւոր ճանչցուած է արդարադատութեան խոչընդոտելու, գումարի շորթման, ինչպէս նաեւ ելեկտրոնային միջոցներու օգտագործմամբ խարդախութեան մէջ։
Ծերակուտականը բոլոր յօդուածներով հերքած է իր մեղքը։ Անոր մինչեւ 20 տարուան ազատազրկում կը սպառնայ։ Քաղաքական գործիչը դեռ կրնայ վերաքննիչ բողոք ներկայացնել։
«Ես լիովին վստահ եմ, որ մենք յաջողութեան պիտի հասնինք բողոքարկման ժամանակ, ես երբեք օտարերկրեայ գործակալ չեմ եղած: Երդուեալ ատենակալներու որոշումը վտանգի կ՚ենթարկէ ԱՄՆ Ծերակոյտի իւրաքանչիւր անդամի այն հարցով, թէ ով կրնայ համարուիլ օտարերկրեայ գործակալ», -ըսած է քաղաքական գործիչը։
Դատախազներու խօսքով՝ 70-ամեայ ծերակուտականը եւ անոր կինը՝ Նատին Մենենտեսը, որպէս կաշառք երեք գործարարէ ստացած են հարիւր հազարաւոր տոլարներ կանխիկ գումար, ոսկիի ձուլակտորներ, գրաւագրային վճարումներ:
Փոխարէնը Մենենտես օգնած է միլիառաւոր տոլարներու ամերիկեան օգնութիւն տրամադրել Եգիպտոսին, ուր գործարարներէն մէկը պետական կապեր ունէր: Դատախազները Մենենտեսը մեղադրած են նաեւ երկու այլ գործարարի դէմ քրէական հետաքննութեան ընթացքի վրայ ազդելու փորձի համար:
«Սա քաղաքականութիւն էր շահոյթի համար: Տարիները, որոնց ընթացքին ան իր պաշտօնը կը վաճառէր ամենաբարձր գինը վճարողին, վերջապէս աւարտեցան», - լրագրողներուն ըսած է Նիւ Եորքի Հարաւային շրջանի դաշնային դատախազ Տամիան Ուիլիամսը:
Ծերակուտականի դէմ քրէական գործ յարուցուած է 2022 թուականի հոկտեմբերին։ 2022 թուականին անոր Նիւ Ճըրզիի տան մէջ խուզարկութեան ժամանակ քննիչները յայտնաբերած են 480,000 տոլար կանխիկ գումար, ինչպէս նաեւ աւելի քան 100,000 տոլար արժողութեամբ ոսկիի ձուլակտորներ:
Նշենք, որ դատավարութեան ժամանակ Մենենտես հեռացուած էր Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի ղեկավարի պաշտօնէն, բայց կը շարունակէ աշխատիլ Քոնկրեսի վերին պալատին մէջ։