Եմէնի Շապուա նահանգին արեւմուտքը գտնուող Պայհան շրջանի Ուատի ալ Նահրը կատաղի բախումներու ականատես եղաւ:
Սէուտական դաշինքին յարձակումները նպատակ ունեցած են աջակցիլ ԱՄԷ-ի կողմէ աջակցութիւն ստացող ուժերուն, որոնք շարժած են Մաարէպէն հարաւ-արեւելք ինկած Հարիպ շրջանի մեծ հատուածներուն մէջ:
Անցնող ժամերու ընթացքին Սէուտական դաշինքի ռազմական ինքնաթիռները 45 յարձակում իրականացուցած են Եմէնի հիւսիս-արեւելքը գտնուող շրջաններուն դէմ:
Եմէնի ռազմական լրատուամիջոցներուն կողմէ հրապարակուած տեսագրութիւնները ցոյց կու տան, որ բանակը եւ ժողովրդական յանձնախումբերը պատասխան տուած են Սէուտական դաշինքի արշաւանքներու յառաջխաղացման:
Տեսարաններուն մէջ կ'երեւի Հատի ուժերու խմբաւորումներու թիրախաւորումը եւ անոնց շարքերուն մէջ պատճառուած զոհերը: Ընդհարումներու ընթացքին անոնցմէ աւելի քան 20-ը սպաննուած կամ վիրաւորուած են, եւ անոնց յառաջխաղացումը շարունակուած է աւելի քան 6 ժամ` առանց որեւէ յառաջընթացի հասնելու, ըստ եմէնական ռազմական լրատուամիջոցներուն: