image

Տպաւորութիւն ունեմ, որ իշխանութեանը մարտունակ բանակ պէտք չէ. Ռոպերթ Քոչարեան

Տպաւորութիւն ունեմ, որ իշխանութեանը մարտունակ բանակ պէտք չէ. Ռոպերթ Քոչարեան

ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան անդրադարձած է Հայաստանի անվտանգութեան երեք հիմնական բաղադրիչներու` ՀՀ Զինուած ուժերուն, ՀԱՊԿ-ի եւ Ռուսաստանի հետ երկկողմ յարաբերութիւններու ներկայիս վիճակին:

«Փաստ է, որ այսօր Հայաստանի Զինուած ուժերը ի վիճակի չեն ինքնուրոյն պաշտպանել ՀՀ սահմանները եւ անվտանգութիւնը: Այս մէկ տարուայ ընթացքում չի արուել գրեթէ ոչինչ բանակի մարտունակութիւնն ու սպառազինութեան առումով հնարաւորութիւնները վերականգնելու ուղղութեամբ: Տպաւորութիւնն այնպիսին է, որ մարտունակ բանակ այս իշխանութեանը պէտք չէ», ըսած է Ռոպերթ Քոչարեանը:

Խօսելով ՀԱՊԿ-ի արդիւնաւէտութեան մասին, նախկին նախագահը ըսած է.

«ՀԱՊԿ-ը լաւ աշխատում է այնտեղ, որտեղ բոլորի շահերը համընկնում են, ինչպէս եղաւ Ղազախստանի պարագայում»:

Անդրադառնալով ՀԱՊԿ-ի մէջ Հայաստանի անդամակցութեան հարցին, Ռոպերթ Քոչարեան ըսած է.

«Նախ` չկայ այլ կառոյց, որը կարող է փոխարինել ՀԱՊԿ-ին: Պէտք է մնալ, համագործակցել, բայց անվտանգութեան տեսանկիւնից յոյսեր չկապել` բացի յայտարարութիւններից ոչինչ չի լինելու»:

Ռոպերթ Քոչարեան ըսած է, որ Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւնները անվտանգութեան ոլորտին մէջ միակ գործող հանգամանքն է, բայց 2020 թուականի պատերազմը որոշ խնդիրներ բացայայտած է:

«Ռուսաստանի հետ սահմանի բացակայութիւնը ցոյց տուեց այդ երկրի միջամտութեան եւ օժանդակութեան որոշակի սահմանափակումները: Ռուսաստանի` միջնորդ լինելը եւս էականօրէն սահմանափակում է Մոսկուայի քայլեր ձեռնարկելու ազատութիւնը»: