Օրերս տխուր եղելութիւն մը սուգի մատնած է Քեսապ ապրող մեր հայրենակիցները եւ աշխարհով մէկ տարածուած քեսապցիները։
Տէր եւ տիկին Ժիրայր եւ Սեւան Աշըգեաններ, որ շաբաթներ առաջ եկած էին հայրենիք մասնակից ըլլալու իրենց կրտսեր որդւոյն՝ Վաչէի Սուրբ Պսակի արարողութեան, սակայն վարակուելէ ետք «Քորոնա»ով մահացած են Երեւանի մէջ։
Մեր աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ Աշըգեաններուն կեանքը փրկելու համար ամէն ինչ կատարած են անոնց հարազատներէ եւ ապաւինած հայրենի բժիշկներուն, որոնց գործ դրած մեծ ճիգերը ցաւալիօրէն չեն կարողացած փրկել մեր հայրենակիցներուն կեանքը։
Նշենք նաեւ, որ Քեսապցիներու լայն շրջանակներուն կողմէ սիրուած եւ յարգուած Աշըգեանները հիմնականին մէջ եղած են գիւղատնտեսներ ու մեծ նուիրուածութեամբ մշակած են իրենց հողն ու զարդարած իրենց սիրելի գիւղը։
Ժիրայր Աշըգեան ծնած էր 1960-ին, Քեսապի , աւանին մէջ, իսկ Սեւան Սաղտճեան Աշըգեանը 1972-ի ծնունդ էր։
Լոյս անոնց հոգիին եւ յաւե՜րժ յիշատակ։