Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը (ԱՀԿ) յայտարարած է, որ Novavax ընկերութեան Nuvaxovid հակաքորոնավիրուսային պատուաստանիւթը աւելցուած է արտակարգ իրավիճակներու դեղերու ցանկին վրայ։
«Եւրոպական դեղամիջոցներու գործակալութեան պատուաստանիւթի գնահատումէն եւ հաստատուելէն յետոյ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը Nuvaxovid-ը ներառած է Արտակարգ իրավիճակներու դեղերու գրանցամատեանին մէջ», ըսուած է ԱՀԿ-ի յայտարարութեան մէջ: