image

Թոյլ չենք տար Թայուանի մեկուսացման. Փելոսի

Թոյլ չենք տար Թայուանի մեկուսացման. Փելոսի

Չինաստան չի կրնար մեկուսացնել Թայուանն աշխարհէն, նաեւ՝ ամերիկացի քաղաքական գործիչներու այցերու ծիրէն ներս։ Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ ԹԱՍՍ գործակալութիւնը, յայտարարած է ԱՄՆ Քոնկրէսի Ներկայացուցիչներու պալատի խօսնակ Նենսի Փելոսին։ Անոր խօսքով՝ Ուաշինկթըն թոյլ չի տար Փեքինին Թայփէյի նկատմամբ նման ծրագրեր իրագործել։

«Չինաստանը կը փորձէր մեկուսացնել Թայուանը։ Սակայն մենք թոյլ չենք տար մեկուսացնել Թայուանը, անոնք չեն կրնար կազմել մեր այցելութիւններու ժամանակացոյցը», - նշած է Փելոսին։

Ամերիկեան խորհրդարանի ստորին պալատի խօսնակն այս յայտարարութիւնը ըրած է Թայուանէն ու Հարաւային Քորէայէն ետք Ճափոն կատարած իր այցի աւարտին։ Հակառակ Փեքինի բողոքին՝ Փելոսիի այցը Թայփէյ 3 օգոստոսին այնուամենայնիւ կայացաւ, որուն Չինաստանը ծայրայեղ բացասական արձագանգ տուաւ։

Փելոսիի նման քայլին ի պատասխան Չինաստանը մասամբ սահմանափակեց որոշակի ապրանքներու ներմուծումը Թայուանէն եւ արտահանումը Թայուան, ինչպէս նաեւ լայնամաշտապ զօրավարժութիւններ սկսաւ կղզիի շուրջ։