image

Թուրքիոյ նախագահի երդմնակալութեան պիտի մասնակցին աշխարհի աւելի քան 80 երկիրներու ներկայացուցիչներ

Թուրքիոյ նախագահի երդմնակալութեան պիտի մասնակցին աշխարհի աւելի քան 80 երկիրներու ներկայացուցիչներ

Թուրքիոյ նախագահի երդմնակալութեան արարողութեան, որ տեղի պիտի ունենայ 3 յունիսին Անգարայի նախագահական համալիրին մէջ, պիտի մասնակցին պետութիւններու 31 ղեկավարներ եւ 13 վարչապետեր, ինչպէս նաեւ շատ նախարարներ եւ միջազգային կազմակերպութիւններու, այդ շարքին Թուրքական պետութիւններու կազմակերպութեան, ՆԱԹՕ-ի եւ Իսլամական համագործակցութիւն կազմակերպութեան ներկայացուցիչներ։ Այս մասին կը տեղեկացնէ «Անադոլուն»։

Էրտողան, ըստ պաշտօնական տուեալներու՝ հաւաքելով 27 միլիոն 834 հազար 589 ձայն, երդում պիտի տայ Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովին մէջ ժամը 14.00-ին, իր մանթատը ան պիտի ստանայ Թուրքիոյ մեճլիսի խօսնակի պաշտօնակատար Տէւլեթ Պահչելիէն։

12 երկիրներ ներկայացուած պիտի ըլլան խորհրդարաններու նախագահներու մակարդակով։

Արարողութեան պիտի մասնակցին Գերմանիոյ նախկին նախագահ Քրիսթիան Վուլֆը, Գերմանիոյ նախկին վարչապետ Ժերհարտ Շրեոտերը, Հիւսիսային Կիպրոսի թրքական հանրապետութեան նախկին նախագահ Տերվիշ Էրօղլուն, Պոսնիա եւ Հերցեկովինայի նախագահական խորհուրդի նախկին անդամ Պաքիր Իզեթպեկովիչը եւ Շուէտի նախկին վարչապետ Քառլ Պիլտթը։

Արարողութեան աւարտէն ետք Թուրքիոյ նախագահը պիտի հրապարակէ կառավարութեան նոր կազմը։