image

Թուրքիոյ մէջ ինքնաշարժի ծանր արկած. Կան տասնեակ զոհեր

Թուրքիոյ մէջ ինքնաշարժի ծանր արկած. Կան տասնեակ զոհեր

Թուրքիոյ հարաւային Հաթայ մարզին մէջ բեռնատարի պատահարին հետեւանքով զոհուածներուն թիւը հասած է 12-ի, 31 մարդ վիրաւորուած է, շաբաթ տեղեկացուցած է Թուրքիոյ առողջապահութեան նախարար Ֆահրեթին Քոճան, կը տեղեկացնէ Sputnik International-ը։

Աւելի վաղ յայտնի դարձած էր, որ բեռնատարը զարնուած էր քանի մը ինքնաշարժներու, որոնք կանգնած եղած են Հաթայ մարզի Պելեն քաղաքի սահմաններէն դուրս գտնուող ինքնաշարժներու լցակայանի հերթին, որու հետեւանքով բեռնատարը եւ երկու փոքր հանրակառք   բոցավառուած էին։ 

«Մեր քաղաքացիներէն 12-ը զոհուած են Հաթայի շղթայական ազդեցութեան հետեւանքով, 31-ը վիրաւոր են, որոնցմէ 3-ի վիճակը ծանր է»,- Թուիթըրով գրած է Քոճան՝ աւելցնելով, որ 22 շտապ օգնութեան ինքնաշարժ  ուղարկուած է դէպքի վայր։

Բեռնատարի վարորդի մեքենայի կառավարումը կորսնցնելու պատճառը դեռ կը ճշդուի։