image

Թուրքիոյ մէջ հայկական եկեղեցին նախ բանտի, ապա մզկիթի վերածուած է

Թուրքիոյ մէջ հայկական եկեղեցին նախ բանտի, ապա մզկիթի վերածուած է

1930-1980-ականներուն եկեղեցին մօտ 50 տարի օգտագործուած է որպէս բանտ: Այդ տարիներուն եկեղեցւոյ պատուհաններուն ճաղաւանդակներ ամրացուած են:

 

Օսմանեան մեծանուն հայ ճարտարապետ Սարգիս Պալեանի նախագծմամբ կառուցուած Այնթապի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին ժամանակին կայսրութեան ամենամեծ եկեղեցիներէն մէկը եղած է:

1892-ին կառուցուած եկեղեցին մինչ 1915-ին ծառայած է Այնթապի հոծ հայ բնակչութեան: Հայոց ցեղասպանութենէն եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադրումէն յետոյ եկեղեցին յանձնուած է երկրի արդարադատութեան նախարարութեան վերահսկողութեան:

1930-1980-ականներուն եկեղեցին մօտ 50 տարի օգտագործուած է որպէս բանտ: Այդ տարիներուն եկեղեցւոյ պատուհաններուն ճաղաւանդակներ ամրացուած են:

1980-1985թթ. երբեմնի Սուրբ Աստուածածինը վերածուած է մզկիթի: Եկեղեցիին տրուած է «Քուրթուլուշ» (Փրկութիւն) մզկիթ անուանումը, հարեւանութեամբ կառուցուած է մինարէ (աշտարակ, ուրկէ կը հնչեցուի մուսուլմաններու աղօթականչը), իսկ ներսը` միհրապ (աղօթքի համար առանձնացուած որմնախորշ):