image
Հրատապ լուրեր:

Թուրքիոյ մէջ. Երկրաշարժերու վտանգը մեծ

Թուրքիոյ մէջ. Երկրաշարժերու վտանգը մեծ

Երկրաբան եւ գիտնական, Թուրքիոյ նաւթի երկրաբաններու միութեան եւ երկրաչափական երկրաբանութեան Թուրքիոյ ազգային կոմիտէի անդամ Օքան Թոյսուզը զբօսաշրջիկները զգուշացուցած է Թուրքիոյ հանրաճանաչ հանգստավայրերու երկրաշարժի վտանգի մասին։ Այդ մասին գրած է Habertürk-ը։

Ըստ փորձագէտին, ընդհանուր առմամբ, Թուրքիոյ հանրապետութեան 45 մարզեր ընդգրկուած են երկրաշարժային վտանգաւոր տարածքներու շարքին։ Այսպիսով, յաջորդ երկրաշարժի վտանգաւոր գօտիին վրայ են հանգստացողներու պահանջարկ ունեցող ուղղութիւնները՝ Իզմիր, Մուղլա, Անթալիա, եւ Իսթանպուլ։

Միեւնոյն ժամանակ նշուած է, որ խզուածքներու մեծ մասի ստոյգ տեղը անյայտ է, եւ, հետեւաբար, դժուար է կանխատեսել յստակ վայրերը, որոնք ամենամեծ վտանգի տակ են: