image

Թուրքիոյ իշխող կուսակցութեան վարկանիշը կը նուազի

Թուրքիոյ իշխող կուսակցութեան վարկանիշը կը նուազի

Թրքական «MAK» հետազօտական կեդրոնի ղեկավար Մեհմետ Ալի Քուլաթը ներկայացուցած է կուսակցութիւններուն վարկանիշը բացայայտող նոր հարցախոյզին արդիւնքները: 

Նշուելով, որ վերջին շրջանին ամէն ամիս հարցախոյզ կը կատարեն` Քուլաթ յայտնած է, որ Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ Զարգացում կուսակցութիւնը (ԱԶԿ-AKP) դեռ կը պահպանէ առաջատարի դիրքերը: Սակայն, ըստ Քուլաթի, նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրդողանի գլխաւորած ԱԶԿ-ի եւ Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր քեմալական Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան (ԺՀԿ-CHP) միջեւ տարբերութիւնը կը վերանայ:

Ինչպէս նշած է հետազօտողը, այս կուսակցութիւններու վարկանիշներուն միջեւ տարբերութեան նուազումը հետեւանք է ոչ այնքան ԺՀԿ-ի դիրքերու ամրապնդման, որքան ԱԶԿ-ի ընտրազանգուածի կորուստին:

Ըստ Քուլաթի ներկայացուցած տուեալներուն` այս պահին ԱԶԿ-ի վարկանիշը 28-29 տոկոսի սահմաններուն է: