Թուրքիոյ խորհրդարանը երեքշաբթի՝ յունուար 23-ին, քանի մը ամիս տեւած քննարկումներէ ետք հաւանութիւն տուած է Շուէտի անդամակցութեան՝ ՆԱԹՕ։ Յայտնած են թրքական լրատուամիջոցները։
Նիստի ընթացքին Թուրքիոյ խորհրդարանէն ներս շուէտական կողմի՝ Հիւսիսաթլանթեան դաշինքին միանալու վերաբերեալ օրինագիծին կողմ քուէարկած է նիստին մասնակցած 346 պատգամաւորէն 287-ը։ Դէմ քուէարկած է 55 պատգամաւոր, իսկ ձեռնպահ՝ 4-ը։
Այժմ Հունգարիան պէտք է որոշում կայացնէ, հաղորդած է Bloomberg-ը։
Չնայած՝ արձանագրութեան վաւերացումը պէտք է հաստատէ նաեւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը, այն այլեւս ընթացակարգային գործընթաց կ՚ենթադրէ, քանզի Թուրքիոյ նախագահը վերջերս բանաւոր համաձայնութիւն տուած էր գործընթացին։