image

Թուրքիոյ ափերուն մօտ 5,1 ուժգնութեամբ երկրաշարժ տեղի ունեցած է

Թուրքիոյ ափերուն մօտ 5,1 ուժգնութեամբ երկրաշարժ տեղի ունեցած է

Եգէական ծովուն մէջ՝ Իզմիր քաղաքի մօտակայքը, յունուար 27-ին 5,1 ուժգնութեամբ երկրաշարժ տեղի ունեցած է։ Այս մասին յայտնած է Թուրքիոյ տարերային աղէտներու եւ արտակարգ իրավիճակներու վարչութիւնը (AFAD):

Օճախը գտնուած է 8,5 քմ խորութեան վրայ:

Ըստ թրքական լրատուամիջոցներու հրապարակումներու՝ երկրաշարժը զգացուած է ափամերձ շատ շրջաններու մէջ՝ խուճապ առաջացնելով տեղի բնակիչներու մօտ: 

Իզմիրի նահանգապետ Սուլէյման Էլպանը եթերի ժամանակ յայտնած է, որ ստորգետնեայ ցնցման հետեւանքներու մասին տուեալներ չունի: