image

Թուրքիոյ ամենայայտնի սնկագէտը հայազգի է

Թուրքիոյ ամենայայտնի սնկագէտը հայազգի է

Թուրքիոյ մէջ լոյս տեսած է երկրի ամենանշանաւոր սնկագէտի՝ Ժիլպէր Պարութճեանի հերթական գիրքը: Հատորը  հեղինակի նոր ուսումնասիրութիւնն է Թուրքիոյ եւ անոր մերձակայքի սունկերուն վերաբերեալ: 

 Պոլսոյ «Ժամանակ» օրաթերթը նշած է, որ նոր լոյս տեսած գիրքը սնկագէտ Պարութճեանի՝ սունկերու մասին նախորդ գիրքի ընդլայնուած տարբերակն է:

2012-ին հրատարակելով Թուրքիոյ սունկերու մասին առաջին մասնագիտական գիրքը՝ Ժիլպէր Պարութճեան շարունակած է ուսումնասիրութիւնը: Թրքական  մամուլը նոր լոյս տեսած գիրքի առթիւ գրած է, որ մասնագէտը տարիներ անցուցած է Պոլսոյ ամենահին անտառներէն մէկուն՝ «Պելկրատ»ի մէջ, Փոլոնեզ գիւղի, Շիլէի, Թրակիոյ եւ այլ շրջաններու մէջ, Տաւրոսի, Պոլուի, Կիրեսունի եւ այլ լեռներու մէջ, որոնք կը համարուին տարածաշրջանի կենսաբազմազանութիւնը ներկայացնող հնագոյն բնահամակարգեր:

Հեղինակը գրքին մէջ բացի սնկատեսակներէն, անոնց կիրառութենէն, նշանակութենէն եւ անուանումներէն ներկայացուցած է նաեւ բնապահպանական խնդիրներ:

Ժիլպէր Պարութչեան աւարտած է Պոլսոյ համալսարանի հնագիտութեան ֆակուլտետը, յետոյ տեղափոխուած է Զուիցերիա, ուր մասնագիտացած է սնկագիտութեան ասպարէզին մէջ։ Վկայուած է Զուիցերական սունկի փորձագէտներու միութենէն՝ VAPKO-էն:

Անուշ Թրուանց

 Նիւթը՝ «Ալիք Մետիա»էն