image

Թուրքիան Ռուսիոյ պարզաբանած է «Ազովի» հրամանատարներու յանձնումը՝ Ուքրանիոյ

Թուրքիան Ռուսիոյ պարզաբանած է «Ազովի» հրամանատարներու յանձնումը՝ Ուքրանիոյ

Անգարան Ռուսիոյ պարզաբանումներ տուած է«Ազովի» անդամները Ուքրանիոյ յանձնելու հետ կապուած իրավիճակի վերաբերեալ, յայտարարած է Թուրքիոյ իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան ներկայացուցիչ Օմեր Չելիքը: Անոր խօսքով ՝ այդ ռուս-թրքական յարաբերութիւններու մէջ լարուածութիւն չէ ստեղծած:

«Մեր կողմէ համապատասխան բացատրութիւններ տրուած են, իրավիճակը յստակեցուած է։ Լարուածութիւն Անգարայի եւ Մոսկուայի յարաբերութիւններուն մէջ չկայ»,-ըսած է Չելիքը Haberturk հեռուստաալիքի հետ հարցազրոյցին՝ չյայտնելով մանրամասներ բանակցութիւններու վերաբերեալ:

Իրավիճակի կարգաւորման մասին աւելի վաղ յայտնած էր Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանը: Անոր խօսքով՝ «ազովցիները» Քիեւին յանձնելէ ետք Ռուսիոյ մէջ շարք մը յայտարարութիւններ եղան։ Սակայն երբ թրքական իշխանութիւնները Մոսկուային հաղորդեցին փոխանցման մանրամասները, «իրավիճակը հանդարտեցաւ»,- ըսած է ան։

Թուրքիոյ նախագահը բացատրած է, որ վեց հրամանատար ազատ արձակելու հարցում ստացած են Քիեւէն ու որոշած են դրական պատասխան տալ: Էրտողան յայտնած է, որ օգոստոսին Ռուսիոյ ղեկավարը պիտի այցելէ Թուրքիա, եւ կողմերը հնարաւորութիւն պիտի ունենան այդ հարցերը քննարկելու դէմ առ դէմ ձեւաչափով: