image

Թուրքիան կը խոչընդոտէ Ֆինլանտայի եւ Շուէտի ՆԱԹՕ-ին անդամակցելու բանակցութիւնները

Թուրքիան կը  խոչընդոտէ Ֆինլանտայի եւ Շուէտի ՆԱԹՕ-ին անդամակցելու բանակցութիւնները

Թուրքիոյ իշխանութիւնները արգելակած են Ֆինլանտայի եւ Շուէտի` ՆԱԹՕ մտնելու շուրջ բանակցութիւններու մեկնարկը: Այս մասին յայտնած է DPA գործակալութիւնը:

DPA-ի տուեալներով` Հիւսիսատլանտեան դաշինքին մէջ կը ծրագրուէր Մայիս 18-ին քննարկել Ֆինլանտայի ու Շուէտի կողմէ ներկայացուած դիմումները, ինչ որ պիտի համարուէր գործընթացի սկիզբ, սակայն Անգարայի դիրքորոշման պատճառով բանակցութիւնները տեղի չեն ունեցած: Թրքական կողմը յստակ հասկցուցած է, որ ներկայիս չի կրնար հաւանութիւն տալ այդ բանակցութիւններու մեկնարկին:

Ֆինլանտայի ու Շուէտի դեսպանները Մայիս 18-ին ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղար Ենս Սթոլթընպըրկին պաշտօնապէս յանձնած էին դաշինքի անդամ դառնալու իրենց դիմումները: