Թուրքիան «ամպարկօ» սահմանած է Իսրայէլի դէմ: Այս մասին յայտարարած է հանրապետութեան առեւտուրի նախարարութեան ղեկավար Օմեր Պոլաթը։
«Ոչ ոք յայտարարած է Իսրայէլի դէմ պատժամիջոցներու մասին։ Թուրքիան կը դառնայ առաջին երկիրը, որ «ամպարկօ» կը մտցնէ»,-ըսած է նախարարը TRT պետական հեռուստաալիքի եթերին։
Պոլաթի խօսքով՝ Անգարան այս քայլին կը դիմէ այն պայմաններուն, երբ միջազգային հանրութեան ջանքերն արդիւնք չեն տար Կազայի ճգնաժամի կարգաւորման ուղղութեամբ։
Թուրքիոյ առեւտուրի նախարարութիւնը աւելի վաղ յայտարարած էր դէպի Իսրայէլ արդիւնաբերական 54 ապրանքի արտահանման սահմանափակումներ մտցնելու մասին։