image

Թուրքիա. Վաքըֆլի գիւղը դժուար օրերէ կ՚անցի

Թուրքիա. Վաքըֆլի գիւղը դժուար օրերէ կ՚անցի

Թրքական «Posta» թերթի սիւնակագիրներէն Օրալ Չալըշլարը գրած է վերջին երկրաշարժէն ետք Թուրքիոյ հայկական միակ գիւղին մէջ՝ Վաքըֆլիի մէջ տիրող իրավիճակի մասին, հաղորդած է Ermenihaber.am-ը։

Գիւղապետ Պերճ Քարթունը Չալըշլարի հետ զրոյցին նշած է, որ գիւղը ծայրէ ծայր քանդուած է:  Պատմած է, որ գիւղին մէջ 35 տուն կայ՝ մօտ 130 հոգի բնակչութեամբ: Երկրաշարժէն անմիջապէս ետք 30 կին եւ երեխայ Պոլսոյ հայոց պատրիարք Սահակ արքեպիսկոպոս Մաշալեանի ուղարկած կառքով տեղափոխուաղ են Պոլիս: 20 մարդ ալ գացած է բարեկամների մօտ՝ Իսքենտերուն: 

«Այս գիւղի բնակչութիւնը երթալով կը նուազի: Երկրաշարժէն մեծ աւերածութիւն եղաւ: Որպէսզի այս գիւղը չվերանայ, պետութեան աջակցութիւնը անհրաժեշտ է»։

Ան ըսած է, որ գիւղին մէջ 15 տուն էապէս վնասուել են, եկեղեցին նոյնպէս վնասուած է: Այս պահուն մօտ 25 վրան ունին, ուր ալ կ'ապրին: Շեշտած է, որ բոլոր կողմերէն օգնութիւն կու գայ, 4-րդ օրուընէ սկսած է տեղ հասնել օգնութիւնը, որու համար ալ շնորհակալութիւն յայտնած է բարերարներուն, պաշտօնեաներուն:

«Ասկէ ետք արդէն պետութենէն կ'ակնկալենք: Ինչպէ՞ս պիտի կառուցուին քանդուած տուները: Գումարային օգնութեա՞մբ, թէ՞ այլ ճանապարհներով: Պէտք է ստեղծենք այն հնարաւորութիւնները, որոնք կը կանխարգիլեն, որ մարդիկ լքեն այս գիւղը: Գիւղացիներու գաղթը կանխելու համար պէտք է նախ եւ առաջ լուծենք ապաստանի հարցը:... Թուրքիոյ մէջ մնացած միակ հայկական գիւղը կանգուն պահելու համար ջանքեր կը գործադրենք: Ամէն եկողէ օգնութիւն կը խնդրենք: Շատ մեծ աղէտ ապրեցանք»,- նշած է  գիւղապետը: