Թուրքիան ծաւալապաշտական նպատակ կը հետապնդէ։ Այս մասին յայտարարած է Իրաքի ԱԳՆ պաշտօնական ներկայացուցիչ Ահմետ ալ-Սահաֆը։
Ան նշած է, որ նախարարութիւնը ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին ուղարկած է Թուրքիոյ դէմ բողոքը, որուն մէջ նշուած են Թուրքիոյ կողմէ 22 700 խախտումներ, նշուած են նաեւ վերջին յարձակման զոհերու անունները։
«Մենք տեղեկացուցած ենք ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին վերջին յարձակման վերաբերեալ վտանգներու բնոյթի մասին։ Նման յարձակումներու ետին ծաւալապաշտական նպատակ կայ։ Թրքական կողմը պէտք է ներողութիւն խնդրէ Իրաքէն եւ անոր ժողովուրդէն՝ անմեղ մարդոց եւ ենթակառուցուածքին պատճառած վնասին համար»,-ըսած է ան։
Յիշեցնենք, որ անցեալ շաբաթ Իրաքի հիւսիսային շրջանին մէջ Թուրքիոյ Զինուած ուժերու գնդակոծութեան հետեւանքով 9 խաղաղ բնակիչ զոհուած է, աւելի քան 20 մարդ վիրաւորուած է։