Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար, որ իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» (ԱԶԿ-AKP) կուսակցութեան կողմէ առաջադրուած է որպէս պատգամաւորի թեկնածու, նախընտրական քարոզչութիւն սկսած է իր ծննդավայր Կայսերիի մէջ (Կեսարիա)։ Ան այցելած է Կայսերիի քաղաքապետարան, զրուցած լրագրողներու հետ։
Այս մասին յայտնած է Ermenihaber-ը։
Աքար, ի թիւս այլ թեմաներու, յատուկ անդրադարձած է թրքական զօրքերու կողմէ իրականացուող «ահաբեկչութեան դէմ պայքարին»՝ նկատի ունենալով Սուրիոյ հիւսիսը քրտական ուժերու դէմ իրականացուող ռազմագործողութիւնները։
Վերջինս անուղղակիօրէն թիրախաւորած է նաեւ ընդդիմութիւնը՝ ակնարկելով անոնց կապը քրտամէտ «Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան» հետ, որուն իշխանութիւնները բազմիցս մեղադրած են «Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութիւն» (ՔԲԿ-PKK) ռազմաքաղաքական կազմակերպութեան հետ սերտ կապեր ունենալու մէջ։
«Մենք դէմ ենք անոնց, որոնք չեն կրնար հեռու մնալ ահաբեկչութենէն: Անոնք մեզի հետ կապ չունին:
Մեր ազգը կը զգայ, կը տեսնէ PKK-ի հետ համագործակցող քաղաքական կազմակերպութիւնները եւ կառոյցները եւ անոնց հետ դաշինք կազմողները»,-ըսած է Աքար։