image

Թուրքիա կը պատասխանէ Իսրայէլին. «Մեր երկիրը ապահով է»

Թուրքիա կը պատասխանէ Իսրայէլին. «Մեր երկիրը ապահով է»

Թուրքիա արձակուրդի մեկնած իսրայէլացիներու դէմ ահաբեկչական յարձակումներ իրականացնելու Իրանի մի քանի փորձերէն յետոյ, մենք կոչ կ'ընենք իսրայէլացիներուն չմեկնելու Սթամպուլ կամ Թուրքիա, բացի անհրաժեշտութեան պարագային:

 

Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը համարած է, որ «որոշ երկրիներու նախազգուշացումները՝ իրենց քաղաքացիներուն Թուրքիա մեկնելու վերաբերեալ, կապուած են տարբեր միջազգային զարգացումներու եւ շարժառիթներու հետ», ընդգծելով որ իրենք «ապահովական անհրաժեշտ միջոցառումները կը ձեռնարկեն  ահաբեկչութեան դէմ պայքարի մեխանիզմներուն առումով»:

ԱԳՆ-ն ընդգծած է, որ «Թուրքիան անվտանգ երկիր է եւ կը շարունակէ ամենաարդիւնաւէտ պայքարը ահաբեկչութեան դէմ` ներքին եւ անդրսահմանային գործողութիւններու միջոցով»:

Այս տեղի կ'ունենայ այն բանէն ետք, երբ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Եաիր Լափիտ երէկ յայտարարեց, որ «Թուրքիա արձակուրդի մեկնած իսրայէլացիներու դէմ ահաբեկչական յարձակումներ իրականացնելու Իրանի մի քանի փորձերէն յետոյ, մենք կոչ կ'ընենք իսրայէլացիներուն չմեկնելու Սթամպուլ կամ Թուրքիա, բացի անհրաժեշտութեան պարագային»:

Ան նաեւ կոչ ըրած է Թուրքիա գտնուող իսրայէլացիներին «որքան հնարաւոր է շուտ վերադառնալու Իսրայէլ` իրանեան վերջին սպառնալիքներու լոյսին տակ», ըստ Լափիտի:

Միւս կողմէ, Yedioth Ahronoth կայքը  նշած է, որ «Թուրքիոյ մէջ հազարաւոր իսրայէլացիներ չեն մտածեր պաշտօնական նախազգուշացումներուն մասին եւ կը մերժեն դադրեցնել իրենց թռիչքները»: