image

Թուրքիա հարուածած է Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ տասնեակ թիրախներ

Թուրքիա հարուածած  է  Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ  տասնեակ  թիրախներ

Թուրքիոյ ռազմաօդային ուժերը հարուածած են Քիւրտիստանի աշխատաւորական կուսակցութեան (PKK) կառոյցները՝ Հիւսիսային Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ։ Այդ մասին յայտնած է Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը։

Պաշտպանութեան նախարարութեան տուեալներով՝ օդային հարուածները «յաջողութեամբ ոչնչացուցած են ահաբեկիչներու 32 թիրախ»։ Գերատեսչութենէն նաեւ յայտնած են, որ գործողութիւնները կը շարունակուին։

Թուրքիոյ ռազմաօդային ուժերու հարուածները հասցուած են Անգարայի նահանգի մէջ գտնուող Թուրքիոյ օդատիեզերական արդիւնաբերական կազմակերպութեան (TUSAS) կառոյցներուն մէջ կատարուած ահաբեկչութենէն քանի մը ժամ անց։ Վերջին տուեալներով՝ ահաբեկչութեան հետեւանքով զոհուած է հինգ մարդ, եւս 22-ը՝ վիրաւորուած։ Սպանուած է երկու յարձակող։

Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Ալի Երլիքայան կ՚ենթադրէ, որ ահաբեկչութեան մասնակից է Քիւրտիստանի աշխատաւորական կուսակցութիւնը: Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլերը նոյնպէս յայտարարած է քրտական կազմակերպութեան հնարաւոր մասնակցութեան մասին։