Թրքական ռազմաօդային ուժերու հարուածած են Հալեպի գիւղական շրջաններուն մէջ գտնուող որոշ ռազմակայաններ, որու հետեւանքով երեք սուրիացի զինուոր զոհուած է, եւս 6-ը վիրաւորուած ։ Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Սուրիական պետական SANA լրատուական գործակալութեանէն:
Յարձակումը տեղի ունեցած է թրքական ռեժիմի կողմէ զինուած ահաբեկչական խմբաւորումներու մշտական աջակցութեան շրջածիրէն ներս։
«Սուրիական զինուած ուժերը պատասխանած են յարձակման եւ ոչնչացուցած անոնց ռազմական կէտերէն մի քանին եւ պատճառած մարդկային ու նիւթական կորուստներ»,- ըսած է գործակալութեան աղբիւրը։