Պոլսահայ փաստաբան Պերք Աճարը յաջողութեամբ յանձնած է քայմաքամ դառնալու համար քննութիւնները եւ շուտով պաշտօնի կը նշանակուի։
Ինչպէս կը տեղեկացնէ Պոլսոյ հայկական «Ակօս»–ը, քայմաքամ դառնալու համար նախատեսուած քննութիւնները յաղթահարած Պերք Աճարը աւարտած է Պոլսոյ հայկական Սահակեան Նունեան դպրոցը եւ Լոյս վարժարանը։ Ան 2020—ին աւարտած է Պիլկի համալսարանի իրաւագիտութեան ճիւղը։
Յառաջիկային Պերք Աճարը կը նաշանակուի քայմաքամ՝ դառնալով Թուրքիոյ հանրապետութեան պատմութեան առաջին հայ քայմաքամը։
Քայմաքամը այն անձն է, որ պետութեան կողմէ կը նշանակուի որեւէ շրջանի ղեկավարի պաշտօնին։