Թրքական TGRT Haber հեռուստաընկերութեան լուրերու մեկնաբան Էքրեմ Աքելը իր աջակցութիւնը յայտնած է Իրանի թրքախօս Ատրպէյճան նահանգին մէջ Իրանի իշխանութիւններու դէմ սկսած բողոքի ցոյցերուն եւ բոլոր թուրքերուն կոչ ըրած՝ նույնը ընելու։
Թուրք լրագրող–մեկնաբանը պնդած է, որ Իրանի Ատրպէյճան նահանգին մէջ 35 միլիոն թուրք կ'ապրի, որոնք իրենց եղբայրներն են։ Ըստ անոր, Իրանի Թաւրիզի թուրքերը կ'ուզեն ազատութիւն, թրքական պետութիւն եւ պէտք է յարգել անոնց իրաւունքները։