image

Թունաւորում՝ Երեւանի մէջ

Թունաւորում՝ Երեւանի մէջ

ՀՀ Առողջապահութեան նախարարութեան «Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման ազգային կեդրոն»էն ստացուած տեղեկատուութեան համաձայն՝ երէկ երեկոյեան սննդային թունաւորման կասկածով «Մուրացան» համալսարանական հիւանդանոց տեղափոխուած է 8, իսկ Ինֆեկցիոն ազգային կեդրոն՝ 2 երեխայ: Երեխաները «Էլկա» մանկական զարգացման կեդրոնի սաներ են՝ 8-11 տարեկան:

ՀՀ սննդամթերքի անվտանգութեան տեսչական մարմինի տեսուչները դեռ երէկ երեկոյեան, արագ արձագանգելով ահազանգին, վերահսկողական միջոցառումներ սկսած են «Էլկա» մանկական զարգացման կեդրոնին մէջ:

Վերցուած են նմուշներ առկայ պատրաստի արտադրատեսակներէն եւ հումքէն, սննդամթերքի հետ շփուող մակերեսներէ եւ գոյքէ՝ ներկայացնելով զանոնք տարրալուծարանային փորձաքննութեան, ուսումնասիրուած է հանրային սնունդի կէտերու առողջական մաքրութեանկ վիճակը: