Թուֆէնկեան բարեգործական հիմնադրամը վերջերս յայտարարեց «Ե՛կ, աշխարհը պիրինք Արցախի նախաձեռութեան մեկնարկի մասին. նախաձեռնութեան շրջանակին մէջ Հայաստանի եւ Սփիւռքի յայտնի ու խոստումնալից հայ գործիչները պիտի այցելեն Արցախ ու հանրային ելոյթներ ունենան այնտեղ:
««Ե՛կ, աշխարհը պիրինք Արցախ» նախաձեռնութեան նպատակն է ներգրաւել եւ աշխուժացնել տեղի բնակչութիւնը եւ օգնել բարձրացնել Արցախի հեղինակութիւնը Հայաստանի մէջ եւ միջազգային մակարդակի վրայ», բացատրեց Թուֆէնկեան բարեգործական հիմնադրամի հասարակական կապերու տնօրէն Ռուբէն Ճանպազեանը: «Այցելութիւնները պիտի ներառեն ոչ միայն հանրային ելոյթներ, այլ նաեւ կլոր սեղան-քննարկումներ, հանդիպումներ, ցուցահանդէսներ, թրէյնինկներ, եւ այլն, ըստ այցելուի», յաւելեց Ճանպազեանը:
Նախաձեռնութեան առաջին հիւրերն են գրող, արձակագիր Արամ Աւետիսը` Երեւանէն, ու երգիչ, երգահան, ու գրող Ափօ Սահակեանը` Երուսաղէմէն: Աւետեսի ու Սահակեանի այցերը կը կազմակերպուի Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Արցախի գրասենեակին հետ համագործակցաբար:
Արամ Աւետիսի «Երբ առնէտները կարդալ գիտէին» գիրքի ներկայացումն ու հանրային ելոյթը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, Մայիս 8-ին, երեկոյեան ժամը 18:30-ին` «Կինի» ճաշարանին մէջ (Ստեփանակերտ, Թումանեան 95): Մուտքը ազատ է եւ բաց՝ հանրութեան. բոլոր ներկաներուն պիտի նուիրուի հեղինակին «Երբ առնէտները կարդալ գիտէին» գիրքէն:
Ափօ Սահակեանի ակուստիկ ելոյթը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, Մայիս 8-ին, երեկոյեան ժամը 20:00-ին` Պոլ Էլիւարի Ֆրանքոֆոնիայի կեդրոնին մէջ (Ստեփանակերտ, Թումանեան 95): Մուտքն ազատ է եւ բաց՝ հանրութեան:
Մանրամասների համար կը խնդրենք կապ հաստատել Ռուբէն Ճանպազեանի հետ` rupen@tufenkian.org կամ զանգահարել +374-94-88-30-65 հեռախօսահամարով:

Արամ Աւետիս
Արամ Աւետիսը (Արամ Աւետիսեան) ծնած է 1990 թուականի Մայիս 25-ին, Երեւանի մէջ: Զինուորական ծառայութենէն յետոյ` 2010 թուականին Արամը ընդունուած է Երեւանի Թատրոնի եւ ֆիլմի պետական հիմնարկի ֆիլմագիտական բաժինը: Պսակաւոր արուեստից վկայականէն յետոյ` 2014-2016 թուականներուն, ուսանած է Երեւանի Թատրոնի եւ ֆիլմի պետական հիմնարկի մագիստրոսական ֆիլմագիտութեան բաժինը:
Արամը սկսած է գրել 17 տարեկանէն: Առաջին քայլերը սկսած է բանաստեղծութիւններ գրելով: 2016-ին ստացած է Սլաւիկ Չիլոյեանի անուան տարուայ յայտնութիւն մրցանակը: Որպէս գրող` տպագրուած է տարբեր ամսագրերու մէջ:
«Կոյր կէտադրութիւն»-ը գրողին առաջին գիրքն է, որ վերատպուած է չորս անգամ. գիրքը եղած է 2018 թուականի «աԱտարես»ի «XXI» մատենաշարի տարուայ ամենաշատ վաճառուած գիրքը: 2019 թուականի Մայիս 25-ին տեղի ունեցած է գրողի երկրորդ գիրքին` «Ճարտարապետական մուտացիա»-ի շնորհահանդէսը: Գիրքը յայտնուած է պեսթսելլըրներու շարքին մի քանի անգամ:
2020 թուականին տպագրուած է գրողին երրորդ գիրքը` «Երբ առնէտները կարդալ գիտէին» վերնագրով, որը 2021 թուականին առաջադրուած է Եւրոպական միութեան գրական մրցանակին:
Ափօ Սահակեան
Ափօ Սահակեանը ծնած եւ մեծցած է Երուսաղէմի հայկական թաղամասին մէջ` Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած ընտանիքի մէջ: Ան կիթառ նուագել սորված է տեղի հայկական դպրոց յաճախելով, իսկ 13 տարեկանին սկսած է ստեղծագործել: 2013 թուականին ան հիմնեց իր սեփական արաբական փոփ-ռոք խումբը` Apo & the Apostles: Խումբը ունեցած է շարք մը տեղական եւ տարածաշրջանային հիթեր:
Ափօն յայտնի է նաեւ հայկական ժողովրդական երգերու իր մենակաբանութիւններով. ան համագործակցած է հայ երգիչներու հետ (Արթուր Խաչենց, Անի Խառատեան) ու անոր մեկնաբանութիւններուն ու ստեղծագործութիւններուն շնորհիւ` նուիրեալ հետեւորդներ ձեռք բերած է Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ:
Ապրիլ 1-ին լոյս տեսած է անոր «Մենք» ալպոմը` հայկական ժողովրդական եւ հեղինակային երգերու հաւաքածոն: