Թուֆէնկեան հիմնադրամի #ArmeniaForThe Kids նուիրահաւաքը այսօր հասած է իր աւարտին` գերազանցելով իր 18.000 ԱՄՆ տոլարի թիրախը: Հանգանակուած գումարը պիտի նպաստէ «Ընտանիք եւ համայնք» ՀԿ-ի երեխաներուն:
«Շնորհիւ մեր աջակիցներու առատաձեռն նուէրներուն, հաւաքած ենք 21.044 ԱՄՆ տոլար` «Ընտանիք եւ համայնք»-ի հինգ կեդրոններու երեխաներուն համար», բացատրեց Թուֆէնկեան հիմնադրամի հանրային կապերու տնօրէն Ռուբէն Ճանպազեանը: Աւելի քան 125 անհատներ իրենց ներդրում ունեցած են արշաւին:
Վերջին 20 տարիներու ընթացքին «Ընտանիք եւ համայնք» ՀԿ-ն կ'աշխատի զարգացնել խոցելի երեխաներու եւ անոնց ընտանիքներուն ներուժը: Անոնք կ'աշխատին 450 երեխայի եւ անոնց ընտանիքներուն հետ Արմաւիրի, Տաւուշի եւ Շիրակի մարզերուն մէջ գտնուող հինգ կեդրոններու մէջ: Այս երեխաներէն եւ ընտանիքներէն կան նաեւ 2020 թուականի Արցախեան պատերազմէն տեղահանուածներ եւ տուժածներ:
«Նուիրահաւաքի շնորհիւ, հնարաւորութիւն կու տանք երեխաներուն այցելելու տեսարժան վայրեր, ցուցահանդէսներ, թանգարաններ եւ մասնակցելու մշակութային միջոցառումներին եւ էքսկուրսիաներին: Այլապէս այս երեխաները հնարաւորութիւն պիտի չունենային վայելելու այդ ամէնը», յաւելեց Ճանպազեանը:



«Ընտանիք եւ համայնք» ՀԿ-ն, որու հիմնադիր կազմակերպութիւններէն է Թուֆէնկեան հիմնադրամը, կ'աշխատի հայ հասարակութեան ամենախոցելի խաւերուն հետ` իրականացնելով ընկերային եւ հոգեբանական աջակցութեան ծրագրեր, ընտանիքներու հզօրացման, երիտասարդներու եւ երեխաներու կարողութիւններու եւ միջոցներու զարգացման համար: Կազմակերպութեան յաջող մոտելը հիմնուած է ազգային արժէքներու եւ միջազգային լաւագոյն փորձի վրայ:
Գումարին մէկ մասը հաւաքուած է Թուֆէնկեան հիմնադրամի աջակից` հայրենադարձ Լոռի Նաճարեանի միջոցով, որ վեց տարի առաջ Թորոնթոյէն տեղափոխուած էր Հայաստան: Անոր ծննդեան օրուան առիթով կազմակերպած արշաւին շնորհիւ, ան հաւաքած է աւելի քան 2.500 ԱՄՆ տոլար: «Ուրախ եմ ու հպարտ, որ հնարաւորութիւն ունեցայ աջակցելու «Ընտանիք եւ համայնք» ՀԿ-ին: Այցելելով Մեծամօրի կեդրոն` անհնար էր չոգեւորուիլ անոնց անձնակազմի աշխատանքով եւ երեխաներուն ժպիտներով», ըսաւ Նաճարեանը:
«Մարդասիրական եւ ազգային արժէքները խթանելով եւ սերմանելով` կազմակերպութիւնը աշխուժօրէն կը ներգրաւուի համայնքներու կառուցման, ներգրաւման խթանման եւ բարեխիղճ քաղաքացիութեան զարգացման գործին մէջ, ինչ որ մեզի անհրաժեշտ է Հայաստանի եւ, ի հարկէ, ամբողջ աշխարհին մէջ», յաւելեց Նաճարեանը:
«Ընտանիք եւ համայնք»-ի երեխաները կը մասնակցին տիկնիկային թատրոնի, նկարչութեան, երգի, պարի, խեցեգործութեան, գորգագործութեան խմբակներուն: Անոնք նաեւ կ'այցելեն թանգարաններ եւ մշակութային վայրեր, կ'երթան համերգներու, կը մասնակցին հանգիստի եւ ամառնային ճամբարներու: Ճիշդ դաստիարակութեան պարագային այս երեխաները կը բարգաւաճին եւ կը դառնան ինքնաբաւ, Հայաստանի տնտեսական եւ ընկերային զարգացման գործին մէջ օգտակար քաղաքացիներ: