Գանատայի Թորոնթո քաղաքին մէջ իր մահկանացուն կնքած է Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ երէց սերունդի հոգեւոր ներկայացուցիչներէն՝ Վեր. Եսայի Սարմազեանը։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ «Թորոնթօհայ» էջէն։
Նշենք, որ հայոց հոգեւոր աշխարհին բազում պատուելիներ տուած Սարմազեան ընտանիքէն սերող Վերապատուելին երկար տարիներէ ի վեր կը վարէր Գանատայի Թորոնթօ քաղաքի հոգեւոր առաջնորդի պաշտօն։
Յարգանք Վերապատուելի վաստակին ու յաւերժ յիշատակ անոր պայծառ անունին։