Օթթաուայի մէջ «Քովիտ»ի սահմանափակումներու դէմ բեռնատարներու վարորդներու կողմէ կազմակերպուած ցոյցերը կը կրեն անօրինական բնոյթ եւ կը ֆինանսաւորուին արտերկրէն, մասնաւորապէս ԱՄՆ-ի կողմէ: Այս մասին յայտնած է Գանատայի վարչապետ Ճասթըն Թրուտօն:
Վարչապետը ընդգծած է, որ դէմ է ցուցարարներու հանդէպ ֆիզիքական ուժի կիրառման, սակայն այդ հարցով որոշում պէտք է ընդունի ոստիկանութիւնը: Անոր խօսքով` ցուցարարները սպառնալիք կը ներկայացնեն գանատական տնտեսութեան եւ գործընկերներու հետ առեւտրային յարաբերութիւններուն համար:
Իշխանութիւնները սկսած են սառեցնել ցուցարարներու դրամատնային հաշիւները: Մեթոտը արդէն կիրառուծ է 2 ցուցարարի դէմ: Ձերբակալուած է ցոյցի կազմակերպիչներէն մէկը:
Maru Public Opinion-ի կատարած վերջին հարցման արդիւնքները ցոյց տուած են, որ գանատացիներուն 80 տոկոսը չ'աջակցիր բեռնատարներու վարորդներու բողոքի արտայայտման ո՛չ պատճառին, ո՛չ ալ մեթոտներուն: Երկրի բնակիչներուն 2/3-ը կողմ արտայայտուած է ցուցարարներու դէմ ուժի կիրառման: