image

Թրքական ընդդիմադիր երեք կուսակցութիւններ կը պահանջեն Էրտողանը հանել նախագահի թեկնածուներու ցանկէն

Թրքական ընդդիմադիր երեք կուսակցութիւններ կը պահանջեն Էրտողանը հանել նախագահի թեկնածուներու ցանկէն

Թուրքիոյ երեք ընդդիմադիր կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ դիմում ներկայացուցած են Բարձրագոյն ընտրական յանձնաժողով՝ պահանջելով գործող նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը հանել մայիս 14-ին կայանալիք նախագահական ընտրութիւններու թեկնածուներու ցուցակէն։

Այս մասին, ինչպէս հաղորդած է «Արմէնփրէս»-ը, յայտնած են թրքական լրատուամիջոցները։

Թուրքիոյ մէջ գործող «Լաւ», «Ժողովրդավարութիւն եւ բեկում» եւ «Հայրենիք» կուսակցութիւնները կը պնդեն, որ Էրտողանի առաջադրումը սահմանադրութեան խախտում է, քանի որ Էրտողան արդէն երկու անգամ ընտրուած է երկրի նախագահի պաշտօնին։

Ընդդիմադիրները նշած են, որ 2014 եւ 2018 թուականներու նախագահական ընտրութիւններուն յաղթած Էրտողանը երրորդ անգամ առաջադրուելու իրաւունք կ'ունենայ միայն այն պարագային, եթէ Թուրքիոյ խորհրդարանը արտահերթ ընտրութիւններ նշանակէ։

Թուրքիոյ մէջ իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան խօսնակ Օմեր Չելիքը մարտ 28-ին յայտարարած է, որ ընտրութիւններուն Էրտողանի մասնակցութեան համար որեւէ խոչընդոտ չկայ։ Չելիքի խօսքով՝ 2018 թուականին սահմանադրութեան փոփոխութենէն ետք, Էրտողան  առաջին անգամ ընտրուած է նոր նախագահական համակարգով, հետեւաբար անոր նախկին նախագահական ժամկէտը հաշուի չառնուիր։